Քրիստոս յաւերժացնելու
համար սիրոյ եւ կեանքի բնական միութիւնը, որ ամուսնութիւնն է, զայն բարձրացուց գերբնական
դասին, այսինքն` հաստատեց Պսակի սուրբ խորհուրդը: «Սուրբ Պսակը, ինչպէս որ զայն
կը սահմանեն աստուածաբանները, մարդուն եւ կնոջ ամուսնական միութիւնն է, կնքուած` ս. եկեղեցւոյ
օրէնքներուն համեմատ, որուն հետեւանքով կը հաստատուի անլուծանելի հասարակական կեանք մը»:
Այս սահմանումէն կրնան հետեւցնել թէ Ս. Պսակի էութիւնը կը բաղկանայ այն կապին մէջ որ
կը կոչուի «միութիւն»: Իսկ «օրէնքին համաձայն կնքուած» բառերը կը յայտնեն թէ կան մարդիկ,
որոնց արգիլուած է ամուսնական դաշինք կնքելը, այնպէս որ, եթէ անոնք փորձեն պսակուիլ,
անոնց ամուսնութիւնը եւ միութիւնը անվաւեր պիտի ըլլայ: Օրինակի համար, օրինաւոր եւ վաւեր
Պսակ չեն կրնար իրարու հետ կնքել չորրորդ աստիճանի ազգականութիւն ունեցողները եւ ոչ ալ
անոնք` որոնք եկեղեցական օրէնքէն պահանջուած տարինքը չունին: Նոյնպէս Ս. Պսակը կը
պարտադրէ այր մարդուն եւ կնոջ անբաժանելի կենակցութեան մէջ ապրիլ, որովհետեւ զօդը որ
զանոնք կը կապէ` բոլորովին անլուծանելի է: Սակայն զոդը որ զանոնք կը կապէ չի կրնար
գոյանալ առանց հաւանութեան եւ դաշինքի: Ամուսնութիւնը պարզ նուիրում մը չէ, այլ փոխադարձ
դաշինք մըն է, եւ հետեւաբար միայն մէկուն հաւանութիւնը չի բաւեր, հարկ է երկուքի սրտերու
փոխադարձ հաւանութիւնը: Եթէ ներքին հաւանութիւնը առանց որեւէ արտաքին նշանի, բաւարար
ըլլար ամուսնութիւնը գոյացնելու համար, ուրեմն երկու` շատ հեռաւոր երկիրներու մէջ բնակող
անձեր պիտի կարենային լոկ կամքի շարժումով իսկական պսակ մը կնքել. այդ պսակը պիտի ըլլար
իրական եւ հաստատուն, առանց որ անոնք իրենց կամքը յայտնէին նամակով կամ ուրիշ միջոցով.
բայց ասիկայ դէմ է Ս. եկեղեցւոյ հրամանին: Ամուսնութիւնը պարզ խոստում մը չէ, այլ
իսկական անձի նուիրում մը, զոր այրը եւ կինը իրարու հանդէպ կը կատարեն. հետեւաբար, պէտք
է որ յայտնուի ներկային վերաբերող բառերով. այս խօսքերուն ազդեցութիւնը կը շարունակուի,
քանի որ այրը եւ կինը իրարու միացած կը պահէ անլուծանելի կերպով: «Ինչ որ Աստուած
միացուցած է, թող ամենեւին մարդ զայն չբաժնէ», ըսաւ Տէրը: Իրաւ է որ անլուծանելիութիւնը
կատարելապէս յայմար է բնական ամուսնութեան, սակայն, ան գլխաւորաբար Խորհուրդի հանգամանքին
մէկ արդիւնքն է: Այս հանգամանքը բարձր կատարելութեան կը հասցնէ ամուսնութեան բոլոր յատկութիւնները:
Վերջապէս` ամուսնութիւնը իր էութիւնը կը կորսնցնէ եթէ սակարկուի անոր գլխաւոր
պատճառներէն եւ նպատակներէն մէկը` ծննդաբերութիւնը: Այս էր առաջին նպատակը սուրբ նահապետներուն
օրէնքին, երբ կ՛ամուսնանային: Ռափայէլ հրեշտակապետը, սորվեցնելով Տովբիթին թէ ինչպէէս
պէտք էր պաշտպանուիլ սատանային դէմ կ՛ըսէ. « Քեզի ցոյց պիտի տամ թէ որոնց վրայ սատանան
իշխանութիւն ունի: Անոնք են` որ կ՛ամուսնանան առանց խորհելու Աստուծոյ եւ Անոր սիրոյն
վրայ, մտահոգ ըլլալով միայն իրենց կիրքերուն գոհացումով, իբրեւ անխօս անասուններ: Սատանան
ամենազօր է անոնց նկատմամբ»: Բայց դուն, այս աղջիկը պիտի առնես Աստուծոյ վախով, զաւակներ
ունենալու համար, եւ ոչ թէ կիրքերդ յագեցնելու, որպէսզի Աբրահամու սերունդին խոստացուած
օրհնութիւնը` իջնէ զաւակներուդ վրայ»: (Տովբ. Զ. 16)